portfolio web templates

Որոշեցինք Ասպանդակ իբր անուն մեր փոտքասթին,
քանի որ ան, թէ ձայնի թրթռացումները ներքին ականջ փոխանցող
մարմնի ոսկորներէն մեկն է եւ թէ մարմնի ամենափոքր ոսկորն է։

Մենք Պոլսահայ ընկերներ գործի մը լծուեցանք արեւմտահայերէնով արտադրելու նպատակաւ ու սկսանք արձանագրել փոտքասթներու շարք մը։
Մենք կը մտածենք թէ լեզուն գոյատեւելու համար խօսողներու առնթեր լսողներու ալ պէտք ունի։ 

Մենք գիտենք հայերէն, գիտենք մեր պատմութիւնը, մեր քերականութիւնը,
ոչ անթերի՝ բայց գիտենք ուղղագրութիւն։ Բայց խնդիրը այն է որ շատերս չենք ապրիր հայերէնով։ Չենք նախընտրեր գործածել հայերէնը երբ կը զրուցենք ընկերոջ մը հետ, երբ կը գրենք կամ կ՛երազենք։ 

Այս պատճառաւ ուզեցինք խօսիլ արեւմտահայերէնով՝
սեղանի մը շուրջ հաւաքուած ընկերներու մտերմութեամբ։ Երբեմն քիչ մը օտար բառեր խառնելով, երբեմն սխալ քերականութիւնով, բայց առանց խուսափելու՝ միշտ հայերէնով։

Այս փոտքասթներու շարքով, մեր առաջին նպատակն էր զրուցել արեւմտահայերէնով Թուրքիոյ, մանաւանդ Պոլսահայութեան առօրեայ կեանքի մասին։ Յետոյ անդրադարձանք թէ հազուագիւտ են մեր գիտելիքները տարբեր գաղութներէ հայերու առօրեային մասին։ Նոյնիսկ բաւական շատ են մեր նախապաշարումները։ Այս պատճառաւ մեր նոր շարքով սկսանք տարբեր երկիրներէ, տարբեր քաղաքներէ հիւր ընկերներ ընդունիլ մեր հաղորդումներուն։ Հոս մեր բուն նպատակն է խօսիլ իրարու հետ, պատմել մեր կեանքը ու մեր գաղութները, գիտելիքներ փոխանցել իրարու եւ նուազեցնել նախապաշարումները։
Քարտէսի վրայ զետեղուած է մեր բոլոր հաղորդումները աշխարհի զանազան երկիրներէ հիւրերով։ Կարելի է սեղմել քարտէսի վրայ եւ հասնիլ մեր իւրաքարչիւր հաղորդումին։ Եթէ կ՛ուզէք հիւր ըլլալ եւ ձեր գաղութի մասին զրուցել կամ առաջարկել տարբեր գաղութներէ ընկերներ կապ հաստատեցէ՝ք մեզի հետ։ Եկէ՛ք միացէ՛ք, խօսինք, լսենք, ճանցնանք զիրար ու միասնաբար ամբողջացնենք պակաս երկիրները քարտէսի վրայ։